Ազատ Խօսք - Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ

կայք էջ : www.azadkhosk.com

Խմբագիր - Երան Գույումճեան

Թիւ (149) Սեպտեմբեր 2024

Առաքելութիւն

Ինչո՞ւ «Ազատ Խօսք»ը

Զանգուածային տեղեկատուութեան մեր ժամանակներուն՝ մամուլը, ըլլայ անիկա տպագիր, հեռուստատեսային թէ ելեկտրոնային տարբերակներով, կոչուած է հարազատ հայելին ըլլալու հասարակութեան քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային, բարոյա-հոգեբանական կեանքին: Բազկերակը՝ անոր իղձերուն ու յոյզերուն, տագնապներուն ու երազներուն, իտէալներուն ու տեսլականին...: Մէկ խօսքով՝ անոր հաւաքական բազմերես կեանքին ճշմարիտ արտացոլումը: Նոյնն է պարագան հայ մամուլին, ի մասնաւորի յանձնառու մամուլին, որ բազում իրադարձութեանց լոյսին տակ, կը միտի կարելի անաչառութեամբ փնտռել ու գտնել իրադարձութեանց ճիշդ պատկերը, անոնց տուն տուող բուն դրդապատճառները եւ անոնց առնչութիւնը հայ կեանքը յուզող խնդիրներուն, հայ հաւաքական լինելութեան հիմնահարցերուն ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս...: Այս հասկացողութեամբ, ան կոչուած է էապէս ծառայելու հայ հանրութեան, զայն արթուն պահելով նոյն այդ հանրութեան ներկան ու ապագան պայմանաւորող գործընթացներուն, հայկական հիմնախնդիրներուն, ազգային-համամարդկային գաղափարականին ու արժէքային համակարգին՝ մեր խառնաշփոթ ժամանակներու թոհուփոհին մէջ մանաւանդ, ուր շատ անգամ այնքան դժուար է զատորոշել ճշմարիտը՝ սխալէն, իրաւը՝ սուտէն ու կեղծիքէն, կարեւորը՝ անկարեւորէն, հայօգուտը՝ հայավնասէն...: Նման խառնաշփոթին մէջ, ակնյայտ երեւոյթ է որ դեմոկրատիայէն եւ խօսքի ազատութենէն բարբառող շատ մը լրատուամիջոցներ, իրենց ապատեղեկատուութեամբ, կը նպատակադրեն մոլորեցնել հանրութիւնը ի սպաս իրենց անձնական, քլիքային, խմբակային ու հատուածական շահերուն...:
 
Անժխտելի ճշմարտութիւն է որ ազատ խօսքի իրաւունքը կը պատկանի բոլորին: Բայց այդ իրաւունքով խօսող թէ գրող հրապարակագիրը աչալուրջ պիտի ըլլայ խորագոյն պատասխանատուութեամբ ի գործ դնելու իր այդ իրաւունքը, որովհետեւ ան, եթէ տէրն է իր կոչումին, պարտի ճիշդ կողմնորոշել հանրային կարծիքը, միշտ հիմնուելով առարկայական փաստերու եւ տուեալներու վրայ եւ՝ յստակ կեցուածք որդեգրելու անոնց նկատմամբ, ելլելով միայն ու միայն հանրութեան գերագոյն շահերէն, հեռու մնալով յատկապէս կամակատարը դառնալէ այս կամ այն հատուածին թէ խմբակցութեան: Միաժամանակ՝ զգուշանալով առողջ եւ կառուցողական քննադատութիւնը շփոթելէ ցեխարձակման ու խծբծանքին հետ: Քանզի՝ խօսքը ազդեցիկ հզօր ուժ է, որ կրնայ մաքրել մթնոլորտը, կամ թունաւորել զայն: Յիշենք Գէորգ Էմինի խորիմաստ տողերը՝
«Գրիչդ զգոյշ գործածիր երբ խառն է դարը, Նոյն արճիճից են ձուլում գնդակն ու տառը»:
«Ազատ Խօսք»ի ծննդոցով, մենք կ'առաջադրենք այս բեմը դարձնել վերկուսակցական, համահայկական մտածողութեամբ շնչող բեմ, դուրս ելլելով ազատ միտքը կաշկանդող եւ բռնադատող նախապաշարումներէ եւ կարծրատիպերէ, հատուածամոլ նկատառումներէ, տեղայնական գաւառամտութենէ...:
 
«Ազատ Խօսք»ը պիտի միտի պատշաճօրէն արձագանգել համայնքային հարցերուն, սակայն չկղզիանալ անոնցմով, այլեւ՝ լայնօրէն բացուիլ համասփիւռքեան, հայրենական, համահայկական հիմնախնդիրներու քննարկումին ընդառաջ, հայեացքը յառած պահել եւ աննկուն պայքարիլ յանուն ամբողջական հայ ժողովուրդի եւ ամբողջական Հայոց աշխարհի տեսլականին, մեր Պահանջատիրական եւ ազգային-ազատագրական երթին, ազատ, արդար, ժողովրդավար ու հզօր երկրի կերտումին, Հայաստան-Սփիւռք իմաստուն, նպատակասլաց եւ անկեղծ համագործակցութեան, տարանջատ, կոտորակուած ու մասնատուած հայ ժողովուրդի ուժերու մէկտեղումին, եւ վերջապէս՝ ջատագովը ըլլալ մեր դարաւոր ինքնութիւնը արտայայտող հայ մշակոյթին եւ հազարագանձ հայոց լեզուին, մանաւանդ անոր առաւել վտանգուած ճիւղին՝ արեւմտահայերէնին, որ արեւմտահայութեան տոհմիկ լեզուն է:
 
Կայքէջը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ վստահաբար հասնելու առաւելագոյն թիւով հայերու, իրազեկ դառնալու նաեւ անոնց արձագանգներուն, տեսակէտներուն...: Մեր ջերմ համոզումն է, որ կարծիքներու առողջ բախումով միայն մենք կրնանք վերահասու դառնալ ճշմարտութեան, որուն մենաշնորհը ոչ ոքին է տրուած: Զուգահեռաբար՝ բոլորս միասին կրնանք գործօն դերակատարը դառնալ համահայկական մտածողութեան ու գաղափարախօսութեան մը ձեւաւորումին, որ այսօր «օդի, ջուրի, հացի նման» անհրաժեշտ է մեզի, կարենալ պայքարելու համաշխարհայնացման ամենակուլ հոսանքին դէմ եւ յանուն Հայ ժողովուրդի ու Հայոց աշխարհի կենսունակ պահպանման եւ բարգաւաճման:
 
Եւ, վերջապէս, «Ազատ Խօսք»ը պարտի մօտէն, բաց աչքերով ու սթափ հայեացքով հետեւիլ ազգային մեր բոլոր կառոյցներու, հայ կեանքէն ներս գործող պատասխանատու անձանց գործունէութեան: Քանզի՝ մամուլը նաեւ Չորրորդ Իշխանութիւն է, որուն վերահսկող ուժէն պարտի զգաստանալ իւրաքանչիւր հանրային գործիչ եւ հաշուետու զգալ ինքզինք իր մէն մի խօսքին ու արարքին համար: Նոյն այդ զգաստութեան անհրաժեշտութիւնը կը վերաբերի նաեւ մեզի՝ «Ազատ Խօսք»ին, որուն գիտակից պատասխանատուութեամբ կը սկսինք մեր երթը: