ԱՐԾՈՒԵԲՈՅՆ ԱՐՑԱԽԻՆ
Հիմա նորէն մեր արիւնող վէրքը դարձար,
իմ արծուեբոյն,
Խողխողուած ու խոշտանգուած մեր սրբութիւն,
Արցախ հայոց,
Ուր դարերով երկներ ենք երգ, վանք ու կոթող,
սուրբ մատեաններ,
Հայոց լեզուով օծեր օդը, քարը, հողը
հովիտ ու լեռ...
Հողիդ խառներ մեր քրտինքը, սուրբ աճիւնը
մեր պապերուն,
Արիւնը տաք հերոսներուն որոնք ինկան
հողիդ սիրոյն,
Մեր պատիւին, հայ ոգիին որ ան մնայ
միշտ աննկուն
Ու արարէ բերք ու բարիք, ժիր ու կայտառ,
լուսացնծուն:
Նոյն ոսոխն է հայրենակուլ ու հայատեաց,
արիւնըռուշտ,
Որ կը միտի ի սպառ ջնջել մեր երկիրը
բազմադարեան,
Հայաթափել ու թրքացնել ողջ տարածքը
արմենական,
Տապան դնել հայ ինքնութեան, հայ հոգիին
վսեմաշունչ:
Բայց դարաւոր արմատները ցեղիս հնամեայ
անսասան են,
Ու ո՛չ մէկ ձեռք կրնայ զանոնք արմատախիլ
ընել հողէն,
Որ հայութեամբ լոկ կը շնչէ դեռ պատմութեան
արշալոյսէն,
Ու պիտ'մնայ լոկ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ու ՀԱՅՈՒԹԵԱՄԲ
պիտի շնչէ:
21/1/2021
................
ԵՍ ՑԱՆԵՑԻ
Սիրոյ սերմեր ես ցանեցի
Կեանքիս բարակ արահետին,
Ծաղիկ ու վարդ անոնք դարձան
Թոյրերով բիւր ու հոտեւան...
Բարւոյն ցօղեր կաթի՛լ-կաթի՛լ
Իջան անոնց թերթիկներուն,
Պսպղացին մաքո՛ւր, անբի՛ծ
Յոգնած մարդուն խոնջ աչքերուն...
Ծաղիկներս յո՛րդ բազմացան...
Ամէն մէկը՝ լո՛յսի բաժակ,
Ամէն մէկը՝ սէ՛ր ըմպանակ,
Վարդաբուրեա՛ն, լուսածածա՛ն...
Մարդը ըմպեց լո՛յս ու արե՛ւ,
Սէր-բարութեա՛ն ցոլքեր լուսէ,
Նոր խայտանքով ան փարեցաւ
Հին աշխարհին հազարացաւ...
Ու որքան ալ նենգն ու չարը
Ցեխ շպրտեց ծաղիկներուս,
Շողացին զերթ ճառագայթը,
Մշուշին մէջ՝ նոր յոյս ու լոյս:
14/1/2021
................
ՈՐՔԱՆ ԱԼ
Որքան ալ դուն լոյս տարածես,
Մութը ցըրես, զայն անիծես,
Յոյսի, լոյսի շողեր սփռես,
Ոմանք քեզ ստուեր պիտի նետեն...
Որքան ալ դուն բարի սրտով
Ուզես անուշ խօսք մը ըսել,
Չարը վանել սիրագորով,
Ոմանք քեզ քար պիտի նետեն...
Որքան ալ դուն զգաս, ներես,
Գութով լեցուիս, կարեկցանքով,
Ոմանք միշտ ալ պիտ' չներեն
Սրտիդ անքէն ու լուսաւոր...
Ու որքան ալ բարիք գործես,
Բարի խօսքով սիրտ ամոքես,
Պիտ' զգաս նետը նախանձին,
Երախտամոռ անիրաւին:
10/1/2021
................
ՄԵՐ ԼԵՐԱՆ ՊԷՍ
Արցունքիս մէջ, թախիծիս մէջ,
Դուն կը յառնես երազ լուսէ,
Երկի՛ր իմ հին, Արարչաստեղծ,
Որուն մէն մի բեկոր-հիւլէն
Թաթախուած է արիւնով սուրբ
Մեր բիւր քաջաց բորբ, դիւցազուն...
Դուն կը յառնես զերթ մեր Լեռը,
Կը բարձրանաս տեսիլքի պէս,
Ամպերու մէջ լոյս գագաթդ
Անձեռակերտ գմբէթ մըն է,
Որ կը խրի երկնքին մէջ,
Սիրտէն բխած աղօթքի պէս...
Դուն կը յառնես՝ մթան մէջ ԼՈՅՍ,
Գիշերէն ետք զերթ արշալոյս,
Կը վառես նոր արեգակներ,
Նոր յոյս, հաւատք կը ներշնչես
Մեր սիրտերուն յուսակորոյս,
Հոգիներուն հաւատաբեկ...
Եւ չեմ գիտեր՝ այլ երկիրներ
Ունի՞ն արդեօք վեհատեսիլ
Նման գագաթ, բարձունք լուսէ,
Որուն պիտի անվերջ ձգտինք,
Ճակատագիր՝ մեր մէջ դաջուած,
Դիւթանք անհաս եւ անբաժան:
20/1/2021
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ