Եթէ Աւարայրը ունէր հաւատքի եւ հայրենիքի հզօր գաղափարախօսութիւնը, որ թրծուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ 5-րդ դարու Հայ գիրերու գիւտով, Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ, հայկական Ոսկեդարի ստեղծած հոգեմտաւոր, բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներով ու անկրկնելի գանձերով, հայ ոգեղէնութեամբ, ինչ որ կեանքի կոչեց «ՎԱՍՆ ՀԱՒԱՏՔԻ, ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ» ապրելու եւ ի պահանջել հարկին մեռնելու իմացութիւնը, հաստատակամութիւնը, հաւաքական կամքը, միւս կողմէն նոր ժամանակներու Հայաստանը՝ Արցախին հետ միասին, չկրցաւ իր կեանքը կառուցել ազգային-հայրենական արժեհամակարգի, ազգային գաղափարականին վրայ: Մենք չունեցանք նոր Ղեւոնդներ, նոր Վարդաններ եւ «լուռ են մեր եկեղեցւոյ զանգերը»:
Արդարեւ, յետ անկախութեան երեսուն տարիներուն, հինը քանդելով, մենք չկրցանք նորը կառուցել՝ ազգային-հայրենական մեր Արժեհամակարգին վրայ, ազգային Գաղափարականին վրայ....Ստեղծուած պարապութիւնը՝ շուտով, ծրագրուած ճարպիկութեամբ, եկան լեցնելու դուրսէն ներմուծուած, հայու հոգիին խորթ ու անյարիր «արժէքներ», բարքեր, ապրելակերպի տարրեր, օտարին ծառայող աղանդներ, շուկայական, վայրի դրամատիրութեան եւ նոր ազատականութեան վրայ հիմնուած համակարգ եւ կրթութիւն, որոնք խաթարեցին, եղծեցին հայուն դիմագիծը, մեզ վերածելով ուղեկորոյս խառնամբոխի...:
Եւ այսպէս, յետ-անկախութեան երեսուն տարիները մենք չկրցանք օգտագործել մեր երկիրը զօրացնելու, մեր բանակը ամրացնելու եւ արդիականացնելու, երկրին արդիւնաբերութիւնը, տնտեսութիւնը, կրթութիւնը եւ գիտութիւնը զօրացնելու գերնպատակներուն...հիմք ունենալով ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ եւ ազգային հոգեմտաւր ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ համակարգը: Ամբողջ հարստութիւնը՝ ստորգետնեայ թէ վերգետնեայ, անցաւ ՀՀ իշխանութեանց հետ սերտաճած օլիգարխներուն, որոնք անխնայ կեղեքեցին մեր ժողովուրդը, կառուցեցին դղեակներ, ապրեցան ցոփ ու շուայտ կեանքով, գումարներ կուտակեցին աշխարհի տարբեր դրամատուներու մէջ, փոխանակ մեր բանակը սպառազինելու ամէնէն արդիական զէնք-զինամթերքով, հակաօդային եւ այլ գերժամանակակից սարքերով, ինչպէս նաեւ զայն մարզելու երկաթեայ կարգապահութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ...:
Մէկ խօսքով, երկրի եւ ազգի ԹԱԼԱՆԸ կամ ԿՈՂՈՊՈՒՏԸ դարձաւ հիմնական «սկզբունք եւ գաղափարական», ինչ որ մեզ ազգովին հասցուց այն խոր անդունդին, ուր կը գտնուինք ներկայիս: Ե՞րբ է եղեր որ նիւթը, ընչաքաղցութիւնը, յափշտակութիւնը ներշնչեն ժողովուրդ մը յաղթանակ տանելու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻԻ ԱՇՏԱՐԱԿՈՒՄԻՆ:
Սա չէ՞ գլխաւոր պատճառը մեր պարտութեան:
Այսօր մեզի «օդի, ջուրի, հացի նման» անհրաժեշտ է ունենալ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ եւ նոր ՎԵՐԱԴԱՐՁ դէպի հոգեմտաւոր եւ բարոյական արժէքներու համակարգը, որ մեր ցեղային առաքինութեանց ակունքին մէջն է եւ համախմբուիլ այդ արժէքներուն եւ գաղափարականին շուրջ՝ իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, երկիրը դուրս բերելու այս քաղաքական, տնտեսական, հասարակական եւ հոգեբարոյական խոր ճգնաժամէն, վերականգնումի նոր շունչ պարգեւելու անոր:
Մեծ մտածող Կոստան Զարեան նշանակալից կերպով կ'արձանագրէ իր «Նաւը լերան վրայ» յայտնի վէպին մէջ. «Ազգերի կեանքում յառաջադիմութիւնը՝ պատմութեան եւ մտքի՝ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ նոր մի վերադարձ դէպի ցեղի բուն իսկութիւնը։ Դէպի այն վտիտ եւ պարզ հոգեկան ակնաղբիւրը, որտեղից առաջ են եկել իր գլխաւոր առաքինութիւնները եւ որոնց վրայ հիմնուել է իր լինելու կամքը։ Այն մաքրամաքուր նախասկզբնական ուժերը, որոնք սնուցել են եւ արդարացրել իր էութիւնը։ Այդ տեսակէտից, ամէն մի իսկական յեղափոխութիւն յետ գնալ է. ոչ դէպի այն՝ ինչ որ անկատար կերպով անուանում են աւանդութիւն, այլ դէպի ա՛յն, ինչ որ կազմում էր ցեղի հոգեկան բնոյթը, նրա ծագման դրդապատճառը։»
Վարդանանք եւ Աւարայրը կը մնան յուշարարը, գերազանցօրէն, ազգային մեր բուն իսկութեան, մեր հոգեւոր առաքինութեանց եւ էութեան, ազգային գաղափարականին, որոնց վերադարձով եւ անոնց շուրջ միասնական համախմբումով միայն կարելի է կառուցել ազգ, երկիր ու պետութիւն եւ ետ բերել հայրենական բռնախլուած տարածքները, որոնք մեր բազմահազարամեայ օրրանն են եղած՝ դեռ պատմութեան արշալոյսէն:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ