Ազատ Խօսք
Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
Խմբագիր - Երան Գույումճեան
Թիւ (110) Փետրուար 2021
Ազատ Խօսք
Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
Խմբագիր - Երան Գույումճեան
Թիւ (110) Փետրուար 2021
Փաֆոսի քաղաքապետը եւ քաղաքապետական խորհուրդը՝ ընդառաջելով երկրի Հայ համայնքի եւ Պոնտոսցի յոյն համայնքի դիմումներուն, շատ արագ փոփոխութեան ենթարկած են քաղաքի Թալէաթ Փաշա փողոցի անուանումը` զայն վերանուանելով Տիկէոսինիս (Արդարութիւն), նկատի ունենալով որ Թալէաթ Փաշան կը նկատուի որպէս գլխաւոր ճարտարապետը Հայոց Ցեղասպանութեան, կը գրէ Կիպրոսի մէջ հրատարակուող Cyprus Mail-ը՝ իր 20 Յունուար 2021-ի թիւին մէջ:(մանրամասն)
Այս օրերուն, մեր միտքերը կ'երթան Վարդանանց հերոսամարտին եւ Աւարայրի ոգիին, որոնք 1570 տարիներու հեռաւորութենէն կը ոգեշնչեն մեզ իրենց բացառիկ գաղափարախօսական ոյժով, դիմադրական աննկուն ոգիով, «Յանուն հաւատքի ու հայրենեաց» ոգիով ու գաղափարախօսութեամբ կռուելու եւ յաղթելու վճռակամութեամբ:
Աւարայրի ճակատամարտը Սասանեան Պարսկաստանի դէմ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի բարձրակէտն էր։(մանրամասն)
Հարցում. Սկսենք ամենավերջին զարգացումներից՝ պատերազմից։ Ինչպէ՞ս էք գնահատում տեղի ունեցածը և յետպատերազմական հայկական իրավիճակը։
- Նախեւառաջ, պէտք է սրբագրել քիչ թէ շատ տարածուած այն սխալ միտքը, որ մենք պարտուել ենք Ադրբեջանին։ Հայաստանը չի՛ պարտուել Ադրբեջանին։ Ադրբեջանը Հայաստանին յաղթող պետութիւն չէ։ Հայաստանի դէմ պատերազմել է ՆԱՏՕ-ի երկրորդ ամենամեծ ցամաքային բանակը ունեցող Թուրքիան, իր ամենաարդիական ապառազինութեամբ։(մանրամասն)
Արցախեան գոյամարտը, իր նուիրականութեամբ, հերոսականութեամբ, վճռականութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, անկախաբար իր աւարտական հետեւանքներէն եւ ազդեցութիւններէն, անտարակոյս, հայ ժողովուրդին համար ստեղծեց բոլորովին նոր կացութաձեւ մը, որ աննախընթաց եւ աննախադէպ էր։(մանրամասն)
Լրատուադաշտին մէջ սարսափելի ապատեղեկատուական աշխատանք կը տարուի, որ ուղղակի յուսալքող է հասարակութեան համար։ Յուսալքութիւնը երկիրը լքելու, երկրէն հեռանալու առաջին շարժիչն է։ Այս առնչութեամբ թէեւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը Նոյեմբերէն ի վեր եղաւ արգելակող գործօն, սակայն, երկար պիտի չտեւէր, նկատի առնելով պատուաստումներու սրսկումը եւ սահմաններու վերստին բացուելու հեռանկարը։(մանրամասն)
Անցեալ դարու իննսունականներու սկիզբը, երբ ամէն մարդ ազատութեան երիվարին նստած կը սուրարՙ խօսքի «թուր կեծակին» բռնած, աջ ու ահեակ ճօճելով զայն, հին հաշիւներ մաքրելու կ՛ելլեր, քանի այլեւս խորհրդային սեղմումները չկային, եւ ատենն էր, որ օգտուէին տիրող ազատութեան մթնոլորտէն, մինչեւ իսկ օրուան նախագահը վարկաբեկելու ու ծաղրելու կը համարձակէին, երբ նախկին իշխանութեան օրերուն, ոչ թէ նախագահին, այլ ամենահամեստ պետական պաշտօնեային մազին թելին իսկ չէին համարձակեր դպչիլ, ըսինք, որ վարար գետի մը ընթացքը երկար ատեն խափանուած էր ու հիմա, երբ խորտակուած է թումբը, գետը խելահեղօրէն կը խուժէ ու իր ընթացքին մէջ արտ ու այգի որոգելու փոխարէն, կը քանդէ ու կ՛աւերէ. ժամանակ պէտք է, որ գետը հանդարտի, վերադառնայ իր հունին ու ընթացքը խաղաղի:(մանրամասն)
2012 թուականի Օգոստոսի 31¬ին Հայաստանը խզեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները Հունգարիայի հետ: Այդ օրը Ադրբեջանին յաջողուել էր տուն վերադարձնել Հունգարիայում ցմահ ազատազրկուած Ռամիլ Սաֆարովին: Նա 2004¬ին Բուդապեշտում ՆԱՏՕ¬ի կազմակերպած անգլերէնի դասընթացների օրերին գիշերը կացնահարել էր 26¬ամեայ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին՝ քնած ժամանակ: Սաֆարովն Ադրբեջանում արժանացաւ հերոսին վայել ընդունելութեան եւ Իլհամ Ալիեւի կողմից ներման, ինչին միջազ գային հանրութիւնը կոշտ արձագանգեց:(մանրամասն)
Հայրս դեղագործ էր, բայց երաժշտութիւնը եւ արուեստը իր ամբողջ աշխարհն էին: Երաժշտութեան հանդէպ իր սէրը բոլորովին տարբեր էր: Ան երկար տարիներ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայկական թէ այլ երաժշտական համոյթներու մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ` երգչախմբային թէ երաժշտական նուագարաններու կատարողութեամբ:(մանրամասն)
ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՍ ՇՇՈՒՆՋԸ
Տարիներուս շշո՛ւնջն առի զեփիւռի մեղմ շոյանքներէն,
Լուսաբացի շաղոտ-շողոտ արեւահամ համբոյրներէն,
Կապո՛յտ-կապո՛յտ երկինքներէն ծորող շի՛թ-շի՛թ մաքուր ցօղէն,
Արահետէն իմ մանկութեան մշտաբուրեան պարտէզներէն...
(մանրամասն)
Սա գիրքը պատերազմին լուսապսակ նահատակները ոգեկոչելու եւ անոնց սխրանքները գիրով յիշատակելու ձգտում մը եւ պատերազմէն տուն դարձած հերոսներուն առջեւ՝ խոնարհում, խրախոյս ու ոգեշնչում է։ Հաւաստում մը, որ անոնք յաղթեր են, եւ անոնց յաղթանակը երբեք չի կրնար խլուիլ անոնցմէ։ Արարիչի մասին գիտութենէն զատ նաեւ բնագիտութիւնը առարկութիւն չընդունող իրողութիւններով կը հաւաստիացնէ, որ ինչպէս նիւթը, այնպէս եւ զաւրութիւնը (energy) կը պահպանուի տիեզերքին մէջ, բան մը չի կորսուիր երբեք։ Եւ ուրեմն զաւրութիւնը, զոր անոնց ոգին ճառագեր է մարտի դաշտին մէջ, տիեզերքը չի կրնար մոռնալ, չէ մոռցած եւ աւր մը պիտի վերադարձնէ
որպէս անոնց հոգւոյն ու միտքին կռած ոսկեայ փառապսակ՝ հայրենիքի ճակատը զարդարելու։(մանրամասն)
Դպրոցական տարիներին թելադրութեանս ձեռնարկում (ուղղագրութեան դասագիրք) մի հատուած կար, որը պատմում էր, թէ ինչպէս են հնում մեր ձեռագրերը «փրկուել» զաւթիչներից: Մանկական երեւակայութեանս մէջ ծաղկողներն ինչ-որ առասպելական կիսաստուածներ էին, որ տառերին թռչել են սովորեցնում, տառերն էլ ինչ-որ ոսկեգոյն թռչուններ էին, որոնց ցանկացել են մեր թշնամիները ոչնչացնել, ու անձնազոհ մեր նախնիները փրկել են դրանք կրակից, հրից, սրից, ջրից, ու ժառանգել մեզ։
(մանրամասն)
Փոքր ծաւալով, բայց հարուստ ուսումնական բովանդակութեամբ լոյս տեսած է Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի նշեալ նորատիպ երկասիրութիւնը:
Հատորին հրատարակութեան շարժառիթը եղած է յիշեալ նիւթին մասին գերմա-ներէն լեզուով դասախօսութիւն մը Ֆրիպուրկի համալսարանի աստուածաբանութեան ֆակուլտետին մէջ եւ նոյնին բարելաւուած ձեւով զեկուցում մը՝ ակադեմիկոս Սէն Արեւշատեանի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին (Երեւան), որը լրիւ տպագրուեցաւ յոբելեանին ձօնուած ժողովածուին մէջ:
Աբէլ քահանայ նկատի ունենալով «նիւթին կարեւորութիւնը եւ այժմէականութիւնը միջեկեղեցական երկխօսութիւններուն համար»՝ զայն հրատարակած է առանձին հատորով մը՝ ի նպաստ այս եւ նման նիւթերով հետաքրքրուած ուսումնասիրողներուն:(մանրամասն)
Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, վերջին երկու գահակալներէն՝ Վազգէն Ա.ի եւ Գարեգին Ա.ի վախճանումէն ետք, կորսնցուց իր իսկական առաքելական եւ ազգային դիմագիծը: Սա ես կ'ըսեմ որպէս Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր, 38 տարուայ մանկավարժ-դաստիարակ, քանի մը տարի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն ներս պաշտօնավարած անձ, մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը բաւական լաւ ուսումնասիրած, Զ. դարու հայ մատենագրութեան եւ «Գիրք Թղթոց»ի հետ առնչուող դէպքերու եւ հանգամանքներու գծով բաւական պրպտումներ կատարած, հայկական եկեղեցական գլխաւոր կոթողները բազմիցս շրջած մարդ՝ նկարահանման եւ ուխտագնացութեան նպատակներով (Պատմական Հայաստան, Կիլիկիա, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, Վրաստան եւ այլուր):(մանրամասն)
Արցախեան գոյամարտը, բազմաթիւ հրատապութիւններ երեւան հանեց ու բազմաբնոյթ առաջադրութիւններու դուռ բացաւ, որոնք ոչ թէ չկային նախապէս, այլ՝ անոնց պահանջքը չէր տեսնուեր կամ ալ՝ անմիջականութիւնը կը պակսէր։
Յանկա՛րծ, ուժեղ եւ անսպասելի հակամարտութիւն, ահաւոր ու սաստիկ պատերազմական մթնոլորտ, հայութեան հայեացքը կեդրոնացնելով անոնց սարսափելիութեան ու հետեւանքներուն վրայ։(մանրամասն)
Ինչպէս Հայաստանի նախկին, այդպէս ալ ներկայ ղեկավարները չեն ունեցած երկիր ղեկավարելու համապատասխան փորձառութիւն, որ կը վերաբերի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան: Այս տհաճ իրավիճակը ուղղելու համար, ոմանք առաջարկած են գտնել համապատասխան փորձագէտներ, որոնք խորհուրդներ պէտք է տային Հայաստանի ղեկավարներուն: Ցաւօք, բոլոր նմանօրինակ ջանքերը ձախողած են այն պարզ պատճառով, որ մինչեւ փորձագէտներուն օգտակար հանդիսանալը, ղեկավարները իրենք պէտք է պատրաստակամ ըլլային լսելու անոնց խորհուրդները: Հայաստանի ղեկավարներուն հետ յարաբերելու տարիներու փորձս ցոյց կու տայ, որ անոնք կը կարծեն, թէ իրենք ամէն ինչ գիտեն եւ պէտք չունին ուրիշէն սորվելու:(մանրամասն)
«Մեղրին իր քար ու քռայով այս երկիրը դարձնում է աշխարհի հզօրներին իր դուռը բերող»:
Երկար ու ձիգ տարիներ են անցել այն օրից, երբ մեր նորագոյն պատմութեան լեգենդար հրամանատարներից մէկը` Վազգէն Սարգսեանը, արտայայտել է այս միտքը:(մանրամասն)
Էական եւ այժմէական հարցում մը: Բայց պատասխանէն առաջ ըսեմ , որ դիւանագէտ կամ քաղաքական հարցերու վերլուծող կամ գործիչ մը չեմ, ոչ ալ եղած եմ կամ ուզած եմ ըլլալ:(մանրամասն)
27 Յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ:(մանրամասն)
Յունուար 20-ին, Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, անդրադառնալով ղարաբաղեան բանակցային գործընթացին՝ վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է, որ Ղարաբաղի հետագայ կարգավիճակի ճշդումը պէտք է կատարուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով:(մանրամասն)
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան Յունուար 28¬ին «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին յայտնած է, թէ Արցախի հարցը դեռ լուծուած չէ: Ան ըսած է, թէ կայ առանցքային խնդիրը, որ Արցախի կարգավիճակի յստակացումն է, որու մասին խօսած են նաեւ համանախագահ երկիրները՝ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։(մանրամասն)
Եւրոպական խորհրդարանը 20 Յունուարին որդեգրած է «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն» եւ «Ընդհանուր անվտանգային ու պաշտպանական քաղաքականութիւն» տարեկան զեկուցում-բանաձեւերը: Անոնց առաջինին մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:(մանրամասն)
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ պետական սահմանը փակ պահելու որեւէ պատճառ չի տեսներ: «Արմէնփրէս»¬ի համաձայն՝ այս մասին յայտնած է ԱԳՆ Արա Այվազեան, Փետրուար 10¬ին Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով անկախ երեսփոխան Գոռ Գէորգեանի հարցումին:(մանրամասն)
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական Միութիւնը 10 Փետրուարին յայտարարեց Հայաստանին` ԵՄ եւ ԵՄ անդամ երկիրներու կողմէ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման գործընթացի աւարտին մասին: Համաձայնագիրը լիարժէքօրէն ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 Մարտէն։(մանրամասն)
Փետրուար 1¬էն 12, Կարսի մէջ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան միասնական ռազմափորձեր կազմակերպած են, ուր ներգրաւուած են հրետանային ու յատուկ ջոկատայիններու ստորաբաժանումներ, ուղղաթիռներ եւ այլն։ Habertürk յղում կատարելով Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ կը հաղորդէ, թէ ռազմափորձերը կը կոչուին «Ձմեռ 2021»։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ գործողութեան նպատակն է «համագործակցութեան ու միասնական համակարգման ապահովումը, սպառազինութեան ու երթեւեկի միջոցներու աշխատունակութեան ստուգումը»։ (մանրամասն)
Ներքին ապականութիւնն է որ կը կործանէ երկիրը, պետութիւնը....ներքին բարոյական-գաղափարական ապականութիւնը...: Որեւէ արտաքին վտանգ կարելի պիտի ըլլար դիմակայել, եթէ կայ ներքին ամրութիւն, որ կը խարսխուի հոգեւոր-բարոյական-գաղափարական ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԻ վրայ: Մենք մեզի հանդէպ պիտի ըլլանք ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋ...: Այդ ուղղութեամբ ալ, իշխանութեան բոլոր մակարդակներու վրայ՝ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՇԻՒ ՏԱԼԸ էական նախապայման են ապականութեան կամ ներքին փտածութեան առաջքը առնելու համար....Բայց որո՞ւ կ'ըսես....ՍԱ, գիտեմ, ՁԱՅՆ ԲԱՐԲԱՌՈՅ ՅԱՆԱՊԱՏԻ Է...
....................
Ազատութիւնը ամէնէն շատ հոլովուած, չարչրկուած բառ-հասկացութիւն է, ցարդ ամբողջովին չըմբռնուած, մանաւանդ դաժանօրէն չարաշահուած է, նոյնիսկ հոգեւոր ստրկութիւնը ներկայացուելով որպէս «ազատութիւն»....Ազատութիւնը էապէս ճանաչողութիւն է, ինքնաճանաչողութիւն որպէս ՄԱՐԴ ԷԱԿ, որ ունի հոգեմտաւոր, բարոյական ԱՐԺԷՔՆԵՐ, ունի ազատ կամք զանոնք կենսագործելու իր կեանքին ընթացքին, առանց ստրկանալու աղաղակուող «չարժէքներուն», միշտ արթուն պահելով ներքին ձայնն ու խղճմտանքը...եւ «ի՞նչը», «ինչո՞ւ»ն, «ինչպէ՞ս»ը հարցադրելով սեփական գիտակցութեան առջեւ....Ազատութիւնը ամբողջական, լիարժէք, արժանապատիւ ՄԱՐԴ ըլլալ է....որ կ'ապրի տիեզերքի Արարիչին հետ հոգեւոր միասնութեան մէջ...
....................
Աղօթքի պէս կը հնչեն Վահան Թէքէեանի խորիմաստ տողերը. «Թող սասանին ու փշրին բարձր բերդերն անառիկ Ու իյնան վար պատնէշները զրահապատ եսութեանց»....Իսկապէս ալ, եթէ այդ եսութեանց պատնէշները իյնան, մենք՝ ազգովին կրնանք սիրտով, հոգիով, միտքով ու կամքով քով-քովի գալ եւ դառնալ անպարտելի, հզօր, անխորտակելի ՄԵՆՔ...իսկ հայ կեանքին մէջ ի մասնաւորի, այդ «եսութիւնները» անչափ շատ են, շատ անգամ անյաղթահարելի....եւ դար ու դարեր արգելակեր են հզօր ՄԵՆՔ-ի մը կերտումը...
....................
Այնքա՛ն շատ են մեր մօտ ողբերգակները եւ այնքա՛ն՝ սակաւ, կացութիւնը վերլուծող, նոր լուծումներ առաջարկողներն ու զանոնք ամէն գնով կեանքի կոչելու կամաւորագրեալները....Այնքա՛ն շատ են բամբասողները՝ հայ կեանքի դերակատար անձանց կեանքի յետին մանրուքներու մասին, եւ այնքա՛ն՝ սակաւ, հայ կեանքը վերակազմակերպելու կամ կառավարելու մասին նոր գաղափարներ, նոր միտքեր յղացողները...: Իսկ նոր միտք յղացողներն ու առաջարկողներն ալ ենթակայ են քարկոծուելու, լուսանցքայնանալու եւ պարսաւանքի առարկայ դառնալու....: Ահա թէ ինչու մեր մօտ, այնքան շատ են ոսկրացած կարծրատիպերը, քարացած միտքերը, որոնք էապէս կը խոչընդոտեն ամէն յառաջդիմութիւն....եւ հայ կեանքի ճահճացման միայն կ'առաջնորդեն...
....................
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ էական է անհատի թէ ժողովուրդի համար....Եթէ զուրկ ըլլաս այս կարեւորագոյն որակէն, յայնժամ կ'ոտնակոխուիս որպէս անձ եւ հաւաքականութիւն, կը ստրկանաս այլոց կամքին, կը դառնաս կրաւորական գործիք եւ ոչ՝ արժանավայել ու գործօն դերակատար, սեփական ճակատագրիդ կերտումին մէջ....: Կրաւորական վարքագիծը մեծապէս կը սատարէ որ արտաքին ազդակներ ձեւաւորեն մտածողութիւնդ, կամքդ, արարքդ...: Կրաւորականութենէ դուրս գալու առաջին քայլը անկախ մտածել սորվիլն է...
....................
(մանրամասն)
Մեր երազէն մարմին առած ոգեղէն սլա՛ցք,
Տառապանքէն մեր դարաւոր բիւրեղացա՛ծ,
Բիւր տենդերէն ու տենչերէն անհա՛ս դարձած,
Քե՛զ կը ձգտինք այժմ եւ միշտ ու յաւիտեան:
(մանրամասն)
Անուանի տնտեսագէտ ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ վերջերս արժանացած է «ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՈՒՍՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ»Ի շնորհած բարձրագոյն վկայականին եւ վերոնշեալ համալսարանի ՊԱՏՈՒԱԿԱԼ ՓՐՈՖԵՍՈՐԻ կոչումին՝ դրամատնային եւ ֆինանսներու բնագաւառէն ներս: (մանրամասն)
Հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութիւնը ընդհանրապէս ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքը եւ ոչ-հայ բազմաթիւ բարեկամներ, սրտի դառն կսկիծով ու արցունքոտ աչքերով իմացան սիրելի եւ թանկագին ազգային ամբողջանուէր գործիչ՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի, այս երկրաւոր կեանքէն մեկնելու սրտաճմլիկ լուրը։
Դիմատետրը եւ «Թուիթըր»ը ողողուած են Կարպիս Տէր Եղիայեանի մահուան տխուր լուրին առիթով գրուած ցաւացական եւ սրտի խօսքերով։(մանրամասն)
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի վրայ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին իբրեւ արդիւնք՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձաններ, որոնց կարգին՝ 161 վանքեր եւ եկեղեցիներ, 591 խաչքարեր, Տիգրանակերտի, Ազոխի, Նոր Կարմիրաւանի, Միրիկի, Կերենի հնավայրերը եւ բազմաթիւ բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ յուշարձաններ։(մանրամասն)
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Աղտամի շրջանին մէջ, 30 Յունուարին գործելու սկսած է զինադադարի դրութեան վերահսկման ռուս-թրքական դիտարկման կեդրոնը: Այս մասին յայտնեց «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
Աղբիւրը յայտնեց, որ դիտարկում պիտի կատարուի նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ: Կեդրոնին մէջ ընդգրկուած են 60 ռուս եւ 60 թուրք զինուորական ծառայողներ:(մանրամասն)
Հայաստանը սփիւռքին կապող թարմացած տեղեկատուական-լրատուական հարթակ մը՝ նոր բովանդակութեամբ եւ հնարաւորութիւններով. շուրջ 6 ամիս տեւած աշխատանքներէն ետք վերագործարկուեցաւ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի» սփիւռքի բաժնի «Հայերն այսօր» կայքը: 10 Փետրուարին Երեւանի «Պեսթ Ուեսթրն քոնկրէս» հիւրանոցային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ կայքի նոր տարբերակի շնորհանդէսը:(մանրամասն)
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութեան մարմինները կը շարունակեն Հայաստանի սահմանային բնակիչներու միջազգայնօրէն ճանչցուած իրաւունքները ոտնահարող արարքները:(մանրամասն)
ԷՏԸԼԷՅՏ․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հարաւային Աւստրալիա նահանգի խորհրդարանը 3 Փետրուարին պաշտօնապէս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքը, հանդիսանալով նման քայլի մը դիմած Աւստրալիոյ 2րդ նահանգը։(մանրամասն)