Ազատ Խօսք - Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր - Երան Գույումճեան
Թիւ (96) Նոյեմբեր 2019
7. Բացի պատմական իրադարձութեան տարեգրութեան ուղղումէն, Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման գծով ջանքերը քաղաքական պայքար են ամերիկահայ համայնքի եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու անոր վճարովի լոպիիստներու միջեւ, թէ ո՛ր կողմը քաղաքական աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի Ուաշինկթընի մէջ: Ճնշող մեծամասնութեան յաղթանակը՝ 405 կողմ, ի դիմաց 11ի, Թուրքիոյ ջախջախիչ պարտութեան եւ հայերու լիարժէք յաղթանակի ակնյայտ ցուցանիշ մըն է։
8. Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տասնեակ միլիոն տոլարներ վատնած է՝ վարձելով ամերիկեան բարձրակարգ լոպիիստական ընկերութիւններ՝ ԱՄՆ Գոնկրեսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերու հաստատումը խափանելու ձախող փորձերու համար: Անկարելի է խեղաթիւրել ցեղասպանութիւնը իբրեւ մարդկային արարք, անկախ անկէ, թէ քանի՞ միլիառ տոլար կը ծախսէ Թուրքիան լոպիիստներու վրայ:
9. Թուրքիոյ պարտութիւնը նաեւ թրքական հասարակութեան յղուած պատգամ մըն է այն մասին, որ իր վճարած տուրքերը իր կառավարութիւնը կը մսխէ՝ անհերքելին ժխտելու համար:
10. Ոմանք թիւ 296 բանաձեւին ընդունումը կը պատճառաբանէին այն բանով, որ Գոնկրեսը օգտուած է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններէն: Թէեւ այս ըսուածը ճիշդ է, բայց նաեւ կան քանի մը հակափաստարկներ.
ա) Գոնկրեսը քաղաքական մարմին է. հետեւաբար, անոր բոլոր քննարկումներն ու որոշումները քաղաքական բնոյթ կը կրեն.
բ) Եթէ չըլլային ամերիկահայ կազմակերպութիւններու եւ ամերիկահայ համայնքի եռանդուն ջանքերը, երաշխիք չկար, որ այդ բանաձեւը յայտնուէր Ներկայացուցիչներու Պալատի օրակարգին մէջ: Քանի որ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը դժգոհ էր Թուրքիոյ՝ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն, Ներկայացուցիչներու Պալատը պիտի գոհանար 29 Հոկտեմբեր 2019ին Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառող բանաձեւ ընդունելով՝ քիւրտերու դէմ ի գործ դրուած թրքական բարբարոսական յարձակումներուն համար: Սակայն հայկական կողմի աշխուժութեան պատճառով՝ Ներկայացուցիչներու Պալատը նոյն օրը ընդունեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:
գ) Մենք չենք կրնար այնքան միամիտ ըլլալ ակնկալելու համար, որ որեւէ կառավարութիւն պաշտպանէ Հայ Դատը, եթէ այդ մէկը պիտի հակասէ իր շահերուն։ Միանգամայն տրամաբանական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը կը համընկնէր Թուրքիոյ նկատմամբ այլ պատճառներով Գոնկրեսի զայրոյթին։ Փաստօրէն, հայերը իրենց շահերը այլ երկիրներու շահերուն հետ համապատասխանեցնելու որքան շատ պատճառներ գտնեն, այնքան աւելի յաջողակ կ՛ըլլան Հայ Դատի հետապնդման հարցով:
Իբրեւ յաջորդ քայլ, յոյս ունիմ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը կ՛ընդունի Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւը։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ ԱՄՆ Ծերակոյտը երբեք չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Եւ թերեւս յաջորդ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կրնայ վերանայուիլ, բայց այս անգամ իբրեւ «Համատեղ Բանաձեւ»: Բան մը, որ կը նշանակէ, թէ Գոնկրեսի Պալատները եթէ բանաձեւը ընդունին, եւ երկրին նախագահը զայն ստորագրէ, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու օրէնք, այլ ոչ թէ պարզապէս «ոչ պարտադիր» բանաձեւ: Այս մէկը Ամերիկայի բոլոր ապագայ նախագահները կը պարտաւորեցնէ օգտագործելու «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ իրենց Ապրիլ 24եան ուղերձներուն մէջ, կամ որեւէ այլ առիթով։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան