Ազատ Խօսք - Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր - Երան Գույումճեան
Թիւ (110) Փետրուար 2021
Մարդկային զոհերէն եւ կորսնցուցած տարածքի իրականութիւններէն անդին` կայ անհրաժեշտութիւնը հեռու մնալու հոգեբանական բարդոյթի իրավիճակներէն ու կասկածներէն: Պիտի փորձենք հեռու մնալ եւ դէմ դնել մենք մեզի մեղքանալու եւ զոհի հոգեբանական վիճակներով մեր անձերը նսեմացնելու: Եթէ պատերազմը պարտուեցանք, բայց` դէմ կեցանք քանի մը հսկայ երկիրներու եւ անոնց հսկայ բանակներուն: Այս իրականութիւնը պէտք է օգնէ, որ բարոյալքումէ եւ հոգեբանական բարդոյթէ հեռու մնանք: Դժուար առաքելութիւն է, բայց ոչ անհասանելի եւ անկարելի:
Երեւանի մէջ բողոքի եւ զայրոյթի ցոյցերը շատ արագ պէտք է իրենց բարւոք հասկացողութեան հասնին: Բոլորս զգաստանանք ու համոզուինք, որ տակաւին երկար աշխատանքային ճանապարհ մը կայ մեր առջեւ: Այս ճանապարհին մէջ, որպէս հայ ժողովուրդ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, պէտք է որ «խելքով» քալենք:
Ռազմական գործօնը` քառասուն եւ չորս օրերու վրայ երկարած, իր խօսքը ըսաւ: Գիտնալով հանդերձ, որ զինուորական ու ռազմական խաղաքարտը տակաւին կրնայ առկայ ըլլալ, բայց այնպէս կ՛երեւի, թէ ներկայի եւ հաւանաբար յառաջիկայ փուլի մեր քաղաքական ու ազգային պահանջները եւ իրաւունքները շատ աւելիով բանակցային եւ դիւանագիտական միջոցներով են, որ պիտի իրագործուին: Բանակցային եւ դիւանագիտական միջոցառումները պէտք ունին հայուն կազմակերպուած միտքին:
Յստակ կը դառնայ, որ արցախեան հիմնահարցը այսօր դուրս եկած է իր հայկական, ազգային եւ հողային պահանջատիրութեան պրիսմակէն` դառնալով տարածաշրջանի ու համաշխարհային քաղաքական եւ ռազմական սակարկութիւններու խաղաքարտ: Տարածաշրջանի տարբեր ուժեր ներգրաւուած են, իւրաքանչիւրը` իր օրակարգով:
Այս բոլոր իրավիճակներէն ու հանգամանքներէն մեկնելով, ըլլայ այդ ներհայկական, տարածաշրջանային թէ միջազգային, ահա կու գայ անհրաժեշտութիւնը` վերստեղծելու հայկական «խելքը»: Հոն, ուր կարելի պիտի ըլլայ մէկտեղել ու միասնականացնել հայկական միտքը, որպէսզի կարենայ պաշտպանել հայուն իրաւունքը: Զէնքը եթէ ներկայիս լռած է, բայց` երբեք խելքը: Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ ու պարտուողական համաձայնագիրը վերջակէտ մը չէ: Ան համաձայնագիր մըն է, որուն մէջ տակաւին կան շատ մը առկախ ու (չ)յստակացած իրավիճակներ:
Այս օրերուն շատ ձայներ կան հայկական բեմահարթակին վրայ` մամուլ, տեսերիզ, հարցազրոյց ու, ի՛նչ խօսք, Դիմատետր: Անոնք մէկ կողմէ կ՛ողողեն մեր մտքերը վերլուծումներով եւ բացայայտումներով եւ միւս կողմէն` ապատեղեկատուութիւն կը կը տարածեն: Հայը պէտք ունի վերակազմակերպել իր «խելքը», որպէսզի ստեղծէ հասարակ յայտարարը մեր ազգային միասնականութեան եւ կազմակերպէ ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ոլորտներուն մէջէն հայուն կեանքը:
Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը աղէտ է, բոլորս ալ գիտենք այդ մէկը: Բայց ինչպէս ժողովրդային ասացուածքը կ՛ըսէ. «Իւրաքանչիւր աղէտի մէջէն կրնայ նոր պատեհութիւն մը մէջտեղ գալ»: Հայը պիտի հաւատայ, որ այս աղէտէն նոր ազգային պատեհութիւն մը կրնայ մէջտեղ գալ: Պատեհութիւնը կու գայ, երբ կայ վերակազմակերպուած հայուն խելքը: Այն խելքը, որ կրնայ ստեղծել միասնականութեամբ դրոշմուած ազգային միտքը: Ազգային միտքը, որ հայուն կու տայ ապրելու եւ հայրենիք կերտելու ռազմավարութիւնը եւ իր իրաւունքը պահելու գրաւականը: Այս ազգային միտքը ուժ է, որ կը փրկէ:
«Հայուն փրկութիւնը իր խելքին մէջ է»:
Յովիկը մեկնեցաւ այս աշխարհէն, բայց իր խօսքը կը շարունակէ մնալ ապրող իրականութիւն: