Ազատ Խօսք - Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ
կայք էջ : www.azadkhosk.com
Խմբագիր - Երան Գույումճեան
Թիւ (110) Փետրուար 2021
Գուցէ շատեր բնական նկատեն այս բոլորը. հաւանաբար իրաւունք ունին, սակայն ո՛չ մեր պճլիկ երկրին պարագային, ուր շատ մը բաներ մեր սահմանափակ կարողութիւններուն համեմատ չեն չափուիր: Ինքնաճանաչումի թերացում կայ: Կ՛ուզենք մեծ պետութիւններուն նմանիլ: Ազատութիւնը երկսայրի սուր է, եթէ չես գիտեր գործածել, ամենէն առաջ քեզի կը վնասէ:
Ուշադրութիւն դարձուցէք սպառնալից, հայհոյալից ելոյթներուն. անոնք բոլորն ալ ուղղուած են մեր ներքին կառոյցի տարբեր շերտաւորումներուն, այսինքնՙ մենք մեզի կ՛ուղղենք թունալից քննադատութիւններն ու սպառնալիքները, մոռցած դեռ երէկուան պատերազմը եւ անոր հեղինակները (նայեցէք այս որակաւորումներունՙ երկիրըՙ «Զոմպիստան», պետութիւնըՙ «լակոտապետութիւն», որոշ անձնաւորութիւններՙ «պոռնիկի ծնունդ, տականք, վիժուածք, գող»...: Դիմատետրի վրայ չհանդիպեցայ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, կամ Իսրայէլի հասցէին հայհոյանքներու ու անէծքներու, միայն մեզի՛, իրարո՛ւ: Առաւելագոյնը ուղղուած թշնամիինՙ բողոք ու խնդրանքի պէս պահանջք մեր գերիներուն ազատ արձակումին վերաբերող:
Սիրելի ժողովուրդ, նպատակս ներկայ իշխանութիւնը պաշտպանել չէ երբեք, սխալը պէտք է դարմանուի անյապաղ, սակայն ուշադիր ըլլալու է, որ սխալը նոր սխալով մը փոխարինելը աւելի վտանգաւոր տեղ կ՛առաջնորդէ երկիրը: Եթէ կրնանք վրէժխնդրութեան եւ անձնական հաշիւներու եւ կիրքերու ցանցէն դուրս, միմիայն տրամաբանութեամբ, յանուն երկրի վերակառուցման եւ խաղաղութեան նպատակներու ուղիով քալել, անպայման կրնանք ճիշդ լուծումը գտնել եւ վարար գետը վերադարձնել իր հուն:
Աղբիւր՝ ԱԶԳ