Մենք միշտ պատրաստ ենք աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան՝ թէ՛ տնտեսական զարգացման, թէ՛ բնապահութեան, թէ՛ ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան եւ թէ կրթութեան։ Այս բոլորը առաջնահերթութիւն են եւ մենք պիտի աջակցինք ո՛չ միայն գաղափարներուն, այլ նաեւ պիտի օգնենք անոնց իրագործման՝ ապահովելով պատշաճ գանձատրում: Եւ այդ առումով մենք կը խթանենք համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան ու կառավարութեան միջեւ եւ անոր առանցքին կը տեսնենք մեր համագործակցութիւնը հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ մասնաւոր հատուածին միջեւ", նշեց դեսպանուհին:
Անտրէա Վիքթորին նաեւ հաստատեց, որ Միութիւնը ո՛չ միայն հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ դատական համակարգի բարեփոխումներու իրագործումով, այլ նաեւ կ՚աջակցի անոր, որպէսզի կառավարութեան նախատեսած բարեփոխումները եւ կայուն ժողովրդավարական կարգերու ստեղծումը իրականանան։ Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը շատ սերտօրէն եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի դատական համակարգի ներքին բարեփոխումներուն վերաբերող զարգացումներուն եւ դատական գործերու քննութեան, բայց այդ գործերուն վերաբերող մեկնաբանութիւն չի կատարեր։