- Միեւնոյն ժամանակ, նախագիծի աշխատանքային տարբերակին մէջ առկայ սկզբունքներուն յստակ ամրագրուած են հայագիտական հետազօտութիւններու գերակայութիւնը, Սփիւռքի համար հայագիտութեան զարգացման ու հայ մշակութային ժառանգութեան ճանաչման տարածման նպատակով մասնագէտներու պատրաստումը, ազգային ինքնութեան եւ համամարդկային արժէքներու արմատաւորումը:
- Նախատեսուած է հիմնական ֆինանսաւորման տրամադրում բուհերուն` ազգային արժէք ներկայացնող գիտական ենթակառոյցներու պահպանման ու զարգացման նպատակով:
- Աւելին` Հայաստանի մէջ որեւէ բուհ ընդունուելու համար ՀՀ քաղաքացիները, անկախ ընտրած մասնագիտութենէն, պարտաւոր են յանձնելու Հայոց լեզուի միասնական քննութիւն:
Այսպէսով, օրէնքի նախագիծը ոչ թէ կը նուազեցնէ հայերէնի եւ հայրենագիտութեան դերը, այլ ընդհակառակն, կ՚ամրագրէ այս կարեւոր արժէքներու սերմանումն ու համապատասխան մասնագէտներու պատրաստումը», կը նշեն ԿԳՄՄ նախարարութենէն:
Աղբիւր՝ ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ