Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ապատեղեկատուութեան միտումնաւոր տարածման եւ մշակութային կոթողները «ալպանիզացնելու» քաղաքականութեան, ինչ որ եւս ոչնչացման սպառնալիքի տակ կը դնէ Արցախի տարածքին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:
«Վերհանուած դէպքերի եւ հայատեացութեան համատեքստի վերլուծութիւնը ցոյց են տալիս, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու խեղաթիւրումը կրում են համակարգուած ու համատարած բնոյթ: Ադրբեջանի պետական մարմինների ու հանրային դէմքերի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները վկայում են այն մասին, որ դա յատուկ պետական քաղաքականութիւն է` յենուած հայ ազգի դէմ ատելութեան խրախուսման յանցաւոր քաղաքականութեան վրայ», կը յայտնէ ՄԻՊ աշխատակազմը: Նկատի ունենալով ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կանխամտածուած կերպով ոչնչացնելու բազմաթիւ նախադէպերը եւ իրական վտանգները` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրատապ կը նկատէ միջազգային համապատասխան կառոյցներու, յատկապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Արցախի տարածքին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ու անյապաղ քայլերու ձեռնարկումը: