Արտակարգօրէն աշխատասէր եւ զբաղած անձ մըն էր հանգուցեալ Կարպիսը։ Ան առաւօտեան ժամը 6էն երեկոյեան ուշ ժամերը գործի վրայ էր։ Ինքնաշարժի կամ իր գրասենեակին մէջ անընդհատ կ՛աշխատէր։
«Մաշտոց» քոլեճէն բացի, տասնեակ մը կազմակերպութիւններ եւ նահանգային ու գաւառային մարմիններու անդամ էր, ինչպէս նաեւ քանի մը համալսարաններու մէջ դասախօս էր։
Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին քաղաքական, հոգեւոր եւ կրթական շատ լայն ու մեծ շրջանակ ունէր, այսուհանդերձ ուր ալ ըլլար, որ քաղաքը կամ նահանգը գտնուէր՝ իրեն եղած հեռաձայնները անպատասխան չէր թողուր, մեծագոյն գիտակցութեամբ եւ ջերմութեամբ կը պատասխանէր զինք փնտռողներուն եւ անոնց, ի պահանջեալ հարկին, օգնութեան ձեռք երկարելով կամ խորհուրդներ տալով։
Շուրջ 35-40 տարիներէ իվեր ծանօթ եղած ենք այս գլխագիր անձնաւորութեան, վայելած ենք անոր թանկագին բարեկամութիւնը. որքան մօտէն ճանչցանք, այնքան աւելի մեծցաւ մեր սէրը եւ համարումը անոր հանդէպ։
Արդարեւ, այս լայնածաւալ վաստակը չէ, որ երկու շաբաթէ իվեր մեր սիրտը կը մղկտէ եւ կը լացնէ մեզ, այլ այս վաստակին ու վարքին կողքին, հանգուցեալին մէջ միշտ տեսած էինք Աստուածասէր մարդը, հանդիպումներու կամ խօսքերու ատեն քրիստոնէութիւնը կը բուրէր, միշտ ալ անկէ «բարին խորհող, բարին խօսող եւ բարին գործող» մարդ եղած է ան։
Այսօր իր յաւիտենական մեկնումին առիթով, իր ազնուափայլ տիկնոջ՝ Անժելային, զաւակներուն, թոռնիկներուն, եղբայրներուն, քրոջ, հարազատներուն եւ բազմաթիւ ծանօթներու նման, մենք ալ որբացած կը զգանք հանգուցեալ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի բացակայութեամբ: Հանգուցեալը լուսաշող աստղի նման սաներու, բարեկամներու, արուեստագէտներու եւ հայերու կեանքը լուսաւորեց, պտղատու ծառի նման իր մեղրահամ պտուղները տուաւ բոլորին անխտիր հաւասարապէս եւ այդպէս է որ արժանացաւ մեր ժողովուրդի սիրոյն եւ յարգանքին։
Մեր աղօթքն է, որ Աստուած երկինքի լուսաւոր օթեւաններուն արժանացնէ հանգուցեալ Կարպիսին հոգին։
Վստահ ենք որ անոր վաստակը եւ յիշատակը երկարօրէն պիտի ապրի զինք ճանչցողներու միտքին եւ սիրտին մէջ։
«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշ հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի
Ահ, այն ատեն ես կը մեռնիմ»։
Լա Քրեսենթա, 19 Յունուար 2020