Արտաքին եւ ներքին ԼԻԱՐԺԷՔ քաղաքականութիւն չունենալնուս հետեւանքը շատ ծանր կ'ըլլայ միշտ մեր ժողովուրդին համար....Ներքին քաղաքականութիւն՝ հիմնուած ազգային գաղափարախօսութեան եւ հոգեւոր-մշակութային արժէքներու համակարգին վրայ...Արտաքին քաղաքականութիւն՝ հիմնուած մեր պատմական իրաւունքներուն եւ ազգային-պետական անվտանգութեան վրայ....Կ'ապրինք կարծէք օրը-օրին, պատահական իրադարձութիւններուն արձագանգելով, երբեմն հապճեպօրէն, առանց երկար-բարակ մտածելու, քննարկելու, վերլուծելու....Չունինք ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, չունինք ԱԶԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ, ո՞ւր ենք մենք վերջ ի վերջոյ աշխարհաքաղաքական այս բարդ իրադրութեան մէջ, ուր կ'ապրինք:
....................
Դարեր շարունակ, ազգային մեր դաստիարակութեան էական առանցքն է եղած՝ հպատակութիւնը ազգային մեր կառոյցներուն, վերին մարմիններուն, իշխանութեանց, ջոջականութեան...Քննական ու քննադատական միտքը, վերլուծական մտածողութիւնը, կարծրատիպերը հարցադրելու ունակութիւնը երբեք չեն քաջալերուած նոյն այդ դաստիարակութեան պատասխանատու անձանց կողմէ...ինչ որ ստրկամտութիւն կազմաւորելու լաւագոյն միջոց է՝ մատղաշ հոգիներէն ներս....Ներկայիս ա՛լ շատոնց ժամանակն է մեր նորահաս սերունդին մօտ զարգացնելու՝ հարցադրելու, ինքնուրոյնաբար մտածելու, հարցերը իւրովի վերլուծելու եւ նման այլ յատկանիշներ, եթէ կ'ուզենք իսկապէս ԱԶԱՏ ընկերութիւն մը ձեւաւորել՝ Հայաստանի մէջ, թէ Սփիւռքի, որ կարենայ արժանավայել կերպով պատասխանատւութիւնը ստանձնել իր արարքներուն, իր ճակատագրին, իր պարտաւորութեանց եւ իրաւունքներուն՝ անհատական եւ ազգային-հաւաքական մակարդակներու վրայ ալ...
....................
Եթէ բարին չկրես քու հոգւոյդ մէջ, ինչպէ՞ս կրնաս զայն գնահատել այլոց մէջ...Եթէ գեղեցիկը չկրես քու հոգւոյդ մէջ, ինչպէ՞ս կրնաս զայն գնահատել այլոց մէջ..., քանզի միշտ ալ քու գնահատած լուսաւորը ցոլքն է այն լոյսին զոր կը կրես քու հոգւոյդ մէջ:
....................
Երանի՛ սէրը, բարեկամութիւնը եւ նման նուիրական զգացումները ըլլային անպայմանական, առանց որեւէ օգուտ ու շահ քաղելու ակնկալութեան, մաքուր ու անարատ....մարդը մարդուն հասկնար կէս-խօսքէն, աչքի նայուածքէն, անոր լռութենէն, գիտնար ներել նոյնիսկ....քանզի ամէն ինչ հասկնալը ամէն ինչ ներել կը նշանակէ...(Խօսքը չի վերաբերիր անշուշտ անմարդկային արարքներու)...Կեանքը այնքա՛ն գեղեցիկ պիտի ըլլար՝ մարդկային փոխյարաբերութեանց նման պայմաններուն, ուր մարդասիրութիւնը դառնար այնքան բնական, ինչպէս պտղատու ծառին պտղաբերումը՝ անհաշիւ, անսակարկ....բխումը հոգիի մաքրամաքուր ակունքին...
....................
Ի՛նչ ալ պատահի, չկորսնցնել ներքին կրակը, խանդավառութիւնը, որոնք անհատն ու ազգը կը տանին դէպի նորանոր խոյանքներ լուսախոյզ...Չյանձնուիլ կեանքի գետնամած եւ դիւրին հաճոյքներու ոլորապտոյտին, չնահանջել արութեան, գեղեցկութեան եւ ճշմարտութեան նորանոր բարձունքներ նուաճելու վսեմագոյն փառասիրութենէն, ինչ որ մարդ էակին եւ ազգին գերագոյն արժանաւորութիւնն է...
....................
Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրութիւն գտնել մարդկային կեանքին, երբ մարդիկ երբեմն՝ աստուածային կայծով կ'արարեն ու կը ստեղծագործեն բարին ու գեղեցիկը...իսկ երբեմն ալ՝ կը մոլեգնին եւ զիրար կը յօշոտեն, կարծէք յիմարութեան տենդէ մը բռնուած...
....................
Խօսքը անհատին բարոյական շունչն է, ներքին մարդու արտացոլանքը....հոգեմտաւոր ինքնութեան եւ գիտակցութեան մակարդակը...Նոյնիսկ քննադատութիւնը պիտի ըլլայ շինիչ, կառուցողական, առողջ բանավէճի եւ քննարկումի առաջնորդող....զայրոյթը պիտի ըլլայ զուսպ, կիրթ, ոչ թէ քանդող ու կործանարար....հայհոյախառն, ուրիշը անարգելու միտող, զայն վարկաբեկող: Խօսքը կրնայ քանդել կամ կառուցել, զայն արտաբերողը կ'ըլլայ կամ կործանարար ու խաւարիչ, կամ շինարար ու լուսաւորիչ...
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ